Հայ քաղաքական բանտարկեալների եւ գերիների շինծու եւ ցուցադրական դատավարութիւն
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւն
Այսօր սկսեց Բաքուի մէջ, մօտաւորապէս 16 ամիսներից կամ 500 օրերից ի վեր ապօրինի կերպով պահուող հայ քաղաքական բանտարկեալների եւ գերիների շինծու եւ ցուցադրական դատավարութիւնը։ Անօրէն դատարանի միջոցով ընթացք առած այս ներկայացումը հայ գերիների մարդկային եւ քաղաքացիական տարրական իրաւունքների անհերքելի ոտնահարումն է։
Ադրբեջանի այս կեղծ բեմադրութիւնը ողորմելի մի «ներկայացում» է իր ստրկացած ժողովրդին զբաղեցնելու եւ ի հեճուկս մեր ազգային շահերին Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու և յաւելեալ զիջումներ խլելու նպատակով։
Բաքուն այս միջոցով միտում է վերջնական լուծում տալ Արցախի հարցին, մինչ շարունակում է Հայաստանին սպառնալ նոր բռնարարքներով եւ յարձակումներով ու բոլոր միջոցներով վարկաբեկել Արցախի Հանրապետութիւնը, չէզոքացնել Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ հայութեան ազգային գիտակցութիւնից ջնջել արդարութեան ու ազատութեան սկզբունքները։
Մենք մերժում ենք հայութեան նկարագիրը փոխելու եւ արդարութեան հասնելու մեր ջանքերը ոտնահարելու այս փորձերը։
Բաքուի մէջ իբրեւ պատանդ պահուողների մէջ կան Արցախի Հանրապետութեան օրինական ղեկավարները, որոնք իրենց պարտականութիւններին գիտակից և ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւնների Ստեփանակերտի մէջ իրենց ժողովրդի կողքին մնացին։ Վրանք հաւատարիմ մնացին Արցախին, իսկ այսօր, նստած են Բաքուի բանտերի մէջ՝ ճշմարտութիւնը եւ ազատութիւնը պաշտպանելնու համար։
Ծանօթացէք նրանց անուններին, հետևէք նրանց եւ նեցուկ կանգնէք ու ամեն ջանք թափէք ազատութեան եւ անկախութեան հասնելու համար։
Կոչ են ուղղում աշխարհի կառավարութիւններին, ներառեալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգների, որ հաշուետւութեան կանչեն Ադրբեջանին իր պատերազմական ոճիրների եւ մարդկային իրաւունքների ոտնահարման համար, որ երաշխաւորեն Բաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ քաղաքական բանտարկեալների եւ պատանդների ազատ արձակումը ու այս առաջնահերթութիւնները մաս դարձնեն իրենց դիւանագիտական քննարկումներին, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնութեան։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Կոմիտէ
17-01-2025
ՀՅԴ Արևմտեան Եւրոպայի 84-րդ արտահերթ շրջանային ժողովի հաղորդագրութիւն
ՀՅԴ Արևմտեան Եւրոպայի 84-րդ արտահերթ շրջանային ժողովը խոր մտահոգութեամբ կ՚անդրադառնայ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող Արցախի բարձրաստիճան պատանդ-ռազմագերիներու կեղծ դատավարութեան։
Դատավարութիւն, որ սկսած է 17 Յունուարին, ուր ոտնակոխուած են մարդու տարրական իրաւունքները։
Դատավարութիւնը տեղի կ՚ունենայ ազէրիերէն լեզուով։
Միջազգային մամուլը և միջազգային ատեանները արտօնուած չեն մասնակցելու այս դատավարութեան։ Արցախի 8 բարձրաստիճան պատասխանատուներու դէմ յարուցուած են բազմատեսակ սուտ մեղադրանքներ անոնց սպառնալով ցմահ բանտարկութիւն։
Կը պահանջենք անյապաղ վերջ տրուի այս դաժան թատերաղախին և Արկատի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Ռուբէն Վարդանեան, Դաւիթ Իշխանեան, Դաւիթ Բաբայեան, Լևոն Մնացականեան, Դաւիթ Մանուկեան և բոլոր ռազմաքաղաքական բանտարկեալները շուտով ազատ արձակուին և տեղափոխուին Հայաստան։
Կը պահանջենք նաև ՀՀ իշխանութիւններէն դիմել միջազգային կառոյցներուն ու դատարաններուն, Ալիևի բանտերու մէջ ազատազրկուած, 44 օրեայ պատերազմի պատանդ-ռազմագերիները անյապաղ վերադարձնել հայրենիք։
Կը պահանջենք Եւրոմիութեան մաս կազմող բոլոր երկրներէն շուտով միջամտել Պաքուի իշխանութիւններու մօտ, որպէսզի ազատ արձակուին պատանդ-ռազմագերիները և պատժամիջոցներ նախատեսեն Ալիևի բռնակալ ու ցեղասպան ռէժիմի դէմ։
Փարիզ, Յունուար 17, 2025
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ Արցախի ղեկավարներուն դէմ սուտ մեղադրանքներով ընթացող Պաքուի դատավարութիւնները։ Բռնի դատավարութեան ընթացքը յստակ է։ Ապօրինի կերպով ու անմարդկային պայմաններով բանտարկուած Արցախի ղեկավարներուն դէմ՝ շինծու մեղադրանք է որ կը կատարուի։ Առ այդ, կը դատապարտենք Արցախի պետականութեան ղեկավարները պատանդ բռնած ատրպէյճանական իշխանութիւններու այս ընթացքը։
Մենք կը մնանք զօրակից Արցախին, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան, որ հաշուետուութեան կանչեն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն համար եւ երաշխաւոր հանդիսանան Պաքուի մէջ պատանդ բռնուած հայ քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակման։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ
Յունուար 20, 2025
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Խոր հիասթափութեամբ ու ամօթի ճնշուածութեամբ կը հետեւինք Յունուար 17-էն սկսած Ազրպէյճանի բռնատիրական կարգին կողմէ կազմակերպուած ստոր բեմադրութեան, որ կը միտի շինծու մեղադրանքներով դատապարտել ազատ Արցախի հանրապետութեան ղեկավար դասը, որոնք իրենց ժողովուրդի արդարացի իրաւունքներու ձեռքբերման միջոցով տարիներ շարունակ ապահովեցին անոր ազատ ապրելու եւ ստեղծագործելու մարդկային տարրական իրաւունքը:
Այսօր Պաքուի մէջ դատուողները՝ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Ռուբէն Վարդանեան, Դաւիթ Իշխանեան, Դաւիթ Բաբայեան, Լեւոն Մնացականեան եւ Դաւիթ Մանուկեան, սոսկ պատահական անձեր չեն, այլ կը ներկայացնեն Արցախն ու հայութիւնը, հետեւաբար հայութիւնը իր բոլոր խաւերով պէտք է պայքարի եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրէ, այս անարդարութեան նկատմամբ, բոլոր ազդու միջոցներով:
Մենք կը պահանջենք որ վերջ տրուի Պաքուի այս խեղկատակութեան, ակնկալելով Հայաստանի իշխանութիւնն ու անոր Ազգային ժողովը դիմեն միջազգային կառոյցներուն ու դատարանին, որ յիշեալ ութը ղեկավարները եւ անոնց կողքին բազմաթիւ ապօրինի գերիվարուածները ազատ արձակուելով տեղափոխուին Հայաստան:
Մենք կը պահանջենք ժողովրդավար ու ազատ աշխարհէն, որ յարգուին մարդկային իրաւունքները եւ իրենց միջոցով ճնշում բանեցուի եւ պատժամիջոցներու կիրարումով պարտադրուի բռնակալ Ալիեւին, ազատ արձակելու այս պատանդ գերիները, որպէսզի յարգուին մարդկային ազատ գործելու իրաւունքները եւ յստակ քայլ մը առնուի մարդկային ազատ իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սիտնի, 22 Յունուար 2025